Saturday May 25, 2013

ԶՕՐ. ԼԱՀՈՒՏ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԼԻԹԱ

By adminx - Wed May 25, 1:38 am

Զօր. Լահուտ` Մլիթայի զինուորական թանգարանին մէջ

Հարաւի ազատագրութեան 11-ամեակին առիթով հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտ` ընկերակցութեամբ իր զաւկին` նախկին երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտի, երէկ այցելեց Մլիթայի զինուորական թանգարան, ուր ընդունուեցաւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատի կողմէ:

Նախագահ Լահուտ շեշտեց, որ բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութիւն տարազը Լիբանանի մէջ փաստած է իր կարողութիւնը եւ Լիբանանին ու լիբանանցիներուն համար յաղթանակներ ապահոված թէ՛ 2000-ին եւ թէ՛ 2006-ին:

Լահուտ դիտել տուաւ, որ լիբանանցիներուն արժանապատուութիւնը իրենց հայրենիքին պաշտպանութեան մէջ է:

Ան ցաւ յայտնեց, որ լիբանանցիներէն ոմանք կը մերժեն զօրակցիլ Դիմադրութեան եւ մնայուն կերպով կը կրկնեն, որ Լիբանանի ուժը անոր տկարութեան մէջ է: «Նման յայտարարութիւններ կատարո՛ղ լիբանանցիները գործակալներ կը նկատուին, որովհետեւ անոնք ստիպուած են եւ իրենց տէրերուն պարտական են նման յայտարարութիւններ կատարելու առումով», շեշտեց ան:

Լահուտ ընդգծեց, որ Դիմադրութիւնը իւրաքանչիւր քաղաքացիի ճակատը բարձր կը պահէ:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement