ԿՌՓԱՄԱՐՏ. ԿԱՐՕ ՄՈՒՐԱՏԻ ՄԱՄԼՈՅ ԱՍՈՒԼԻՍԸ
By adminx - Wed May 25, 12:29 am
- 0 Comments
- 4 views
- Tweet
Email
Print
Շուրջ շաբաթէ մը ի վեր Հայաստան գտնուող IBF Ինթըր-Քոնթինենթալի ախոյեան եւ արհեստավարժ կռփամարտիկ Կարօ Մուրատ, նախքան իր մեկնիլը տուաւ մամլոյ ասուլիս մը` խօսելով իր տպաւորութիւններուն եւ յառաջիկայի իր ծրագիրներուն մասին:
«Հոգեպէս շատ բաւարարուած զգացի Հայաստան կեցութեամբս, հոգ չէ թէ ֆիզիքապէս այդքան ալ հանգիստի ժամանակ չունեցայ: Սակայն յոյսով եմ, որ ամրան ընթացքին դարձեալ այցելեմ Հայաստան` այս անգամ սակայն հանգստանալու համար: Դժբախտաբար, Հայաստանէն արհեստավարժ կռփամարտիկներ Գերմանիա չեն մեկնիր, որպէսզի լաւ մարզումներու հետեւին եւ ապագային աստղեր դառնան», ըսաւ Մուրատ:
Անդրադառնալով իր արձանագրած վերջին յաղթանակին` ան ըսաւ. «Հետեւելով Վիք Դարչինեանի օրինակին, որ իր վերջին յաղթանակը արձանագրեց Ապրիլ 24-ին, իմ կարգիս ես ալ Օթիս Կրիֆինի դէմ արձանագրած յաղթանակս կը նուիրեմ Շուշիի ազատագրման 19-ամեակին: Կը կարծեմ, որ յաջորդ մրցումս պիտի կատարեմ յառաջիկայ օգոստոսին, սակայն այդ ուղղութեամբ ցարդ ոչինչ յստակ է: Յաղթականը սակայն պիտի պայքարի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին համար:
Մամլոյ ասուլիսին վերջին բաժինին մէջ ան ըսաւ. «Ապագային ծրագիր ունիմ հիմնելու «Մուրատ եղբայրներ», մարզադպրոցը, սակայն ներկայ հանգրուանին այդ գծով չեմ մտածեր: Այժմ պէտք է աշխարհի ախոյեան հանդիսանամ եւ պահեմ այդ տիտղոսը` նկատի ունենալով, որ տիտղոսին տիրանալէ աւելի զայն պահելը շատ աւելի դժուար է: Ինչպէս գիտէք, ես եւ Սիւզի Քենթիքեան բաւական լաւ ընկերներ ենք: Հակառակ ատոր սակայն, իմ անձնական կարծիքս այն է, որ իգական սեռը չզբաղի կռփամարտով, որովհետեւ հաճելի տեսարան չէ աղջիկներուն դէմքերը տեսնել ուռած կամ կապոյտցած»:
- 0 Comments
- 4 views
- Tweet
Email
Print




