Friday May 24, 2013

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԷՄ ԱՍԱՏԸ ՆԵՐԱՌՈՂ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ՈՐԴԵԳՐԵՑ

By adminx - Tue May 24, 6:36 am

Նախագահ Ասատ

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները Պրիւքսելի մէջ իրենց գումարած ժողովին ընթացքին Սուրիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ որդեգրեցին` սուրիական իշխանութիւնները ցուցարարներուն դէմ բռնի ուժի կիրարկումէն հրաժարիլ տալու համար:

Նոր պատժամիջոցները կը ներառեն նաեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը: Նախորդ պատժամիջոցները ներառած էին վարչակարգին առնչուած 13 անձնաւորութիւններ, սակայն ոչ` նախագահ Ասատը:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտարարեց, որ պատժամիջոցներու ենթարկուող անձնաւորութեանց ցանկին մէջ Ասատի ներառումը ճիշդ ուղղութեամբ քայլ մըն է: Եւրոպական Միութենէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ հաստատուած նախկին պատժամիջոցներէն Ասատի բացառումը աստիճանական ընթացք կիրարկելու համար դիտաւորեալ քայլ մըն էր:

Եւրոպական Միութեան հաստատած պատժամիջոցները յար եւ նման են անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հաստատուած յաւելեալ պատժամիջոցներուն:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement