«ՄԵՆՔ ԶՕՐԱՒՈՐ ԵՆՔ, ԵՐԲ ԲՈԼՈՐՍ ՄԻԱՍԻՆ ԵՆՔ» «ԱԶԴԱԿ»ԻՆ ԸՍԱՒ ԴՈԿՏ. ՓՐՈՖ. ՃՈՒԼԻԵԹԱ ԿԻՒԼԱՄԻՐԵԱՆ
By adminx - Tue May 24, 6:27 am
- 0 Comments
- 19 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի գործակցութեամբ եւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին հրաւէրով` քանի մը շաբաթէ ի վեր Լիբանան կը գտնուի դոկտ. փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան: Ան դասախօս է Խաչատուր Աբովեանի անուան Երեւանի պետական մանկավարժական համալսարանի մանկավարժական ամպիոնի, հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու, գիտամեթոտական յօդուածներու, մեթոտական ձեռնարկներու եւ դասագիրքերու: Ան վարած է ուսուցիչներու կազմաւորման դասընթացքներ Շարժայի, Հալէպի, Թեհրանի եւ Քուէյթի հայկական վարժարաններուն մէջ: Կիւլամիրեանի գործունէութեան եւ մտածումներուն ծանօթանալու համար` «Ազդակ» ամփոփ հարցազրոյց մը ունեցաւ անոր հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Մեկնելով տարբեր գաղութներու մէջ ձեր ունեցած գործունէութենէն` ձեր կարծիքով այսօր գաղութներու կրթական համակարգը ի՞նչ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ:
ՃՈՒԼԻԵԹԱ ԿԻՒԼԱՄԻՐԵԱՆ.- Բոլոր գաղութները առհասարակ ունին միեւնոյն խնդիրները: Գաղութները նաեւ պայմանաւորուած են տեղական դպրոցներու ծրագիրներով, բայց մենք նաեւ ունինք մեր ազգային խնդիրները, որոնք պէտք է ըլլան առաջնահերթութիւն: Մեր կրթութեան նպատակը տարբեր է տեղւոյն դպրոցներուն նպատակներէն, տարբեր է հիմնականօրէն հայոց լեզուի ուսուցման առումով: Հայերէնը այլ լեզուներու մեթոտներով կարելի չէ ուսուցանել: Այլ դժուարութիւն է հայերէնի դասընթացքի ծրագիրը, բովանդակութիւնը, կազմակերպական ձեւերը հետաքրքրական դարձնելու հարցը: Այսօր հայերէնի ուսուցումը պէտք է ըլլայ արդիական եւ աշակերտներէն շատ մեծ ջանքեր պէտք չէ պահանջէ, որպէսզի անոնք սիրով հետեւին իրենց դասերուն: Հայերէնը պէտք է ըլլայ հայ մարդը պատրաստելու եւ անոր արժէքային համակարգը ձեւաւորելու հիմնական օղակը: Ուստի, գաղութներու կրթական համակարգը պէտք է փոխուի, արդիականանայ, քանի որ հայ երեխան կը տեսնէ այլ դասանիւթերու ինքնատիպ դասագիրքերը, խաղերը, նկարները, արդիական մեթոտները, մինչ հայերէնը… Մենք պէտք չէ կառչած մնանք երեսուն տարուան գիրքերէ եւ մեթոտներէ. պէտք է աշխարհի զարգացումներուն հետ քայլ պահենք:
«Ա.».- Այս բոլորին բացակայութեան պատճառը նիւթական սահմանափակ կարելիութիւննե՞րն են, թէ ՞մտայնութեան հարց կայ, կամ…
Ճ. Կ.- Նիւթականի հարց չեմ տեսներ, քանի որ աշակերտներուն լաւ պայմաններ ստեղծելու համար դպրոցներուն մէջ ամէն ինչ կատարուած է. կը կարծեմ, որ նախ եւ առաջ մանկավարժական համոզմունքի խնդիր կայ: Նախ պէտք է համոզուին, որ փոփոխութիւնը կարեւոր է եւ արդիւնաւէտ. պէտք է համոզուին, որ կան աշխատանքի այլ ձեւեր, որոնք աւելի լաւ են, ժամանակակից են եւ դրական պայմաններ կը յառաջացնեն: Այսօր մանկապարտէզի աշակերտը մենք կը ձեւաւորենք 15-20 տարի ետք կեանք մտնելու պայմանով, եւ եթէ մենք արդէն հին մեթոտներ կը գործածենք, ապա ինչպէ՞ս կարելի է արդիւնք ակնկալել, երբ աշխարհը այլեւս տարիէ-տարի, օրէ-օր զարգացման մէջ է: Հասարակութեան ներկայ շուկայական յարաբերութիւններու դարուն պէտք են մտածող, տրամաբանող, ինքնուրոյնութիւն ունեցող, ստեղծագործող մարդիկ, իսկ հին մեթոտներով աշխատելով այդպիսի մարդիկ չենք կրնար ձեւաւորել: Հայեցի կրթութիւնը պէտք է ունենայ իր արժանի տեղը եւ լեզուն միջոց պէտք է դառնայ կերտելու հայ մարդը: Դասի ուսուցումը այնպէս պիտի կազմակերպենք, որ այդ բոլորը տանի ազգային արժէքներուն տէր կանգնելու ուղիին:
«Ա.».- Եթէ համոզմունքը ձեւաւորուի, ապա ի՞նչ պիտի ըլլայ յաջորդ քայլը:
Ճ. Կ.- Յաջորդ քայլերը պէտք է կատարեն կրթական պատասխանատուները: Ուսուցիչներուն հետ առաջին հանդիպումներէն արդէն շատեր տեսան, որ կարելի է փոփոխութիւն կատարել: Ուստի, պէտք է զետեղել ամբողջական ծրագիր մը, որուն մէջ շարունակականութիւն գոյութիւն ունենայ: Այդ շարունակականութիւնը անպայմանօրէն դուրսէն եկողի մը ճամբով չ՛ըլլար, այլ անընդհատ պէտք է ուսուցիչներու վերապատրաստումներ կազմակերպել, դասերու դիտարկումներ կատարել, միտքեր փոխանակել, գիրքերը քննել, ծրագիր ստեղծել…
«Ա.».- Այս բոլորին մէջ ուսուցիչին դերը ո՞ւր է եւ ինչպէ՞ս պէտք է գնահատել…
Ճ. Կ.- Կը կարծեմ, որ ուսուցիչը պէտք է միշտ գնահատուի, բայց այդ մէկը պէտք է ըլլայ գնահատման չափորոշիչներով եւ դասի արդիւնաւէտ բնութագրիչներով: Ուսուցիչները բաւականին մեծ աշխատանք կը տանին. փառք ու պատիւ ուսուցիչներուն: Մեծ զոհողութեամբ մեծ գործ կ’ընեն, իսկ եթէ բացթողումներ կան, ապա այդ բոլորը իրենց մեղքը չէ, այդ մէկը համակարգի խնդիրն է: Բոլորն ալ արժանի են գնահատանքի:
«Ա.».- Չէ՞ք կարծեր, որ մայրենի լեզու ունենալու կամ չունենալու խնդիրը միշտ կայ, ինչ որ հետեւանք է մեթոտաբանական հարցերու:
Ճ. Կ.- Այո՛, ամբողջովին մեթոտի հարց է, եւ գաղութներուն մէջ այս մէկը շատ բարդ է: Վստահաբար ճշգրիտ մեթոտով կարելի է այս հարցին լուծումներ գտնել: Այսօր համաշխարհայնացումի հոսանքին մէջ մեր աշակերտներն ալ մուտք կը գործեն, ինչ որ կը դժուարացնէ հոլովոյթը:
«Ա.».- Այս բոլորին մէջ Հայաստանի իշխանութիւններուն դերը ի՞նչ է:
Ճ. Կ.- Նախ ըսեմ, որ կարելի չէ սփիւռքեան համընդհանուր ծրագիր որդեգրել, որովհետեւ հետաքրքրութիւնները տարբեր են, միջավայրը տարբեր է: Ասիկա լաւի կամ վատի հարց չէ, այլ` ընկերութիւններու տարբերութիւններու խնդիրն է: Այնուամենայնիւ, Հայաստանի դերը վստահ շատ մեծ է: Անկեղծօրէն միշտ չէ, որ սփիւռքը պատրաստ է Հայաստանի միջնորդութիւնը ընդունելու, քանի որ սփիւռքը իր դիմագիծը ունի, իր նրբութիւնները ունի, ուստի Հայաստանի կողմէ առաջարկները կրնան պարտադրանքի տարազ ստանալ: Սփիւռքը իր օղակները պէտք է բանայ եւ ուզէ: Առանց դիմելու օգնել կարելի չէ: Անպայման պէտք է այդ կապը ստեղծուի:
«Ա.».- Լիբանան ձեր այցելութեան մասին ի՞նչ ըսելիք ունիք:
Ճ. Կ.- Կրթութեան մէջ յեղափոխութիւն կարելի չէ կատարել. անընդհատ եւ հանդարտօրէն պէտք է փոփոխութիւններ իրագործել: Այս մեկնակէտով է, որ Լիբանանի հայկական կաթողիկէ վարժարաններուն մէջ սկսանք աշխատանքի: Կը վստահեցնեմ, որ շատ լաւ նոր սերունդ գոյութիւն ունի, բայց մենք պէտք է գիտնանք ի՛նչ ձեւերով անոնց հետ կապի մէջ մտնել, ուսուցանել…
«Ա.».- Այլ ըսելիք ունի՞ք մեր ընթերցողներուն:
Ճ. Կ.- Նախ կը մաղթեմ, որ այս հողին վրայ խաղաղութիւն ըլլայ, քանի որ հայութիւնը այս հողին վրայ լաւ ապրելու շատ կռուաններ ունի: Կ’ուզեմ, որ ջերմ յարաբերութիւններ ըլլան Հայաստանի հետ: Սփիւռքը Հայաստանին պէտք է, Հայաստանն ալ սփիւռքին պէտք է: Մենք զօրաւոր ենք, երբ բոլորս միասին ենք: Ամէն տարի ամրան երբ ուսուցիչներու վերապատրաստում կ’ըլլայ, գործնական կերպով կը հասկնանք, թէ որքա՛ն կարեւոր եւ օգտակար է երկու կողմերուն միջեւ ստեղծուող կապը: Ուստի, պէտք է ուսուցիչները վերապատրաստուելու համար երթան Հայաստան, կարեւոր է, որ նաեւ աշակերտները կապուին հայրենիքին հետ, որպէսզի իրենց արմատներուն ծանօթանան:
Հարցազրոյցը վարեց`
ՐԱՖՖԻ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ
- 0 Comments
- 19 views
- Tweet
Email
Print




