ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
By adminx - Fri May 20, 6:53 am
- 0 Comments
- 1 view
- Tweet
Email
Print
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց ամերիկացի զինուորական Ճոն Շարլթընը, որ կը նախագահէր ամերիկեան զինուորական պատուիրակութիւն մը:
Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ գործակցութեան հեռանկարները, յատկապէս գումակային զօրամասերու մարզումին մանրամասնութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ նաեւ լիբանանեան բանակին խոստացուած ամերիկեան օժանդակութիւնները կատարելու անհրաժեշտութիւնը:
ԹԻՆԸՆԹԻ ԿԸ ՀԵՐՔԷ ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐԸ
Հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու պաշտօնական բանբեր Անտրէա Թինընթի երէկ կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան սպառնալիքներ կան:
Թինընթի հաստատեց, որ այդ առումով ՖԻՆԻՒԼ-ին ոչ մէկ տեղեկութիւն հասած է:
Միւս կողմէ, անդրադառնալով Մարուն Ռասի մէջ անցեալ կիրակի օր արձանագրուած իրադարձութիւններուն, ան ըսաւ, որ միջազգային խաղաղապահ ուժերը հետաքննութիւն բացած են այդ հարցով` աւելցնելով, որ այս իմաստով լիբանանեան բանակին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն միջեւ ամուր գործակցութիւն կայ:
Թինընթի ընդգծեց, որ այդ մասին ՖԻՆԻՒԼ-ը եւ լիբանանեան բանակը քննարկումներ պիտի կատարեն` հետաքննութեան աւարտէն ետք:
Ակնարկելով հարաւային Լիբանանի մէջ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան, Թինընթի յայտնեց, որ բոլոր կողմերն ալ յանձնառու են այդ բանաձեւին գործադրութեան:
ՆՇԵՆՔ, որ իսրայէլեան օդուժը երէկ կէսօրէ առաջ թռիչքներ գործեց հարաւային Լիբանանի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ:
- 0 Comments
- 1 view
- Tweet
Email
Print




