ՆԻՒԹԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԵՒ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԷՆ
By adminx - Wed May 18, 7:01 am
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print
- Լրատուութիւն` հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիի Թուրքիոյ մէջ ունեցած հանդիպումներուն եւ մշակած հոգեւոր ծրագիրներուն մասին:
(Նոյն լուրին անդրադարձած են նաեւ «Մուսթաքպալ», «Պայրաք» եւ «Լիուա» օրաթերթերը):
- Անդրադարձ` Թուրքիոյ մէջ յառաջիկայ յունիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որոնք արդի Թուրքիոյ համար անկիւնադարձային պիտի ըլլան:
- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ կատարուած վերահաստատումներ, որոնք կ՛ակնարկեն Սուրիոյ մէջ յարանուանական բաժանումի հաւանականութեան առնչութեամբ իր մտահոգութեան:
- Ակնարկ` Անգարայի կողմէ Սուրիոյ հետ առկայ բարձր մակարդակի բոլոր հաղորդակցութիւններուն կասեցման մասին:
- Քաղուածքներ` Սուրիոյ իրադարձութիւններուն եւ Դամասկոսի կողմէ բարեկարգումներ կատարելու անհրաժեշտութեան մասին թրքական յայտարարութիւններէն, որոնք կատարուած են նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի, վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի կողմէ:
- Յօդուած` Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ ռազմավարական դաշինքի աւարտին եւ չքացման մասին:
- Լրատուութիւն` քրտական լարուածութեան ու տագնապին Պոլիս հասնելուն եւ Թուրքիոյ դէմ Օճալանի սպառնալիքներուն մասին:
- Վերլուծական յօդուած մը, որ կ՛ակնարկէ այն հաւանականութեան, թէ Սուրիոյ դէպքերը եւ արձանագրուած զարգացումները պիտի պատճառեն Սուրիա-Թուրքիա բաժանումը:
- Վերլուծական յօդուած մը, որ կ՛անդրադառնայ Սուրիոյ եւ Լիպիոյ նկատմամբ թրքական վերաբերումին եւ կը նկարագրէ անոր «վերադարձ»ը` դէպի Իսրայէլ:
- 0 Comments
- 2 views
- Tweet
Email
Print




