Tuesday May 21, 2013

ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ ԿԸ ԴԺԳՈՀԻ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԷՆ

By adminx - Fri May 13, 6:25 am

Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան հանդիպում ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Փեթրոս Էֆթիմիուի հետ եւ իր դժգոհութիւնը յայտնեց ԵԱՀԿ-ի կառոյցներէն` Հայաստանի մէջ կեղծուած ընտրութիւններուն վերաբերեալ անոնց տուած իրերամերժ գնահատականներուն համար, որոնց պաշտօնական արդիւնքները չեն ընդունուած եւ չեն ընդունուիր Հայ ազգային քոնկրեսին եւ հասարակութեան կողմէ:

Լեւոն Տէր Պետրոսեան նշեց նաեւ, որ թէեւ եւրոպական տարբեր կառոյցներուն հետ Հայաստանի համագործակցութիւնը երկար տարիներուն փորձառութիւն ունի, սակայն ատիկա այդքան ալ արդիւնաւէտ չէ երկրին մէջ ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւունքներու եւ խօսքի ազատութեան առաջ մղումին առումով:

Ան նշեց վերջին տարիներուն տեղի ունեցած համատարած հետապնդումները` սպանութիւնները, ընդդիմութեան հարիւրաւոր ներկայացուցիչներու ձերբակալութիւնները, գործարարներուն վրայ յարձակումները եւ յափշտակումները, որոնք համատարած բնոյթ ստացան ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք եւ անտեսուեցան Եւրոպայի կողմէ:

 

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement