ՊԱՀՐԷՅՆԻ ՄԷՋ ՇԻԻ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԸ ԿԸ ՊԱՇԱՐԵՆ
By adminx - Mon Mar 07, 3:12 am
- 0 Comments
- 3 views
- Tweet
Email
Print
Մինչ Պահրէյնի մէջ բարեփոխումներ պահանջող արշաւը իր երրորդ շաբաթը մուտք կը գործէ, հազարաւոր շիի ցուցարարներ երէկ փակեցին երկրին վարչապետին գրասենեակը, սակայն ձախողեցան արգելք հանդիսանալ այդտեղ գումարուող կառավարական ժողովի մը: Ցուցարարները պահանջեցին, որ վարչապետը փտածութեան եւ ցուցարարներուն շարքին 7 զոհ պատճառելուն համար հրաժարի:
Երկրի վարչապետ շէյխ Խալիֆա պըն Սալման Ալ Խալիֆա թագաւորին հօրեղբայրն է եւ 40 տարիէ ի վեր կը վարէ վարչապետի պաշտօնը: Պահրէյնի շիի մեծամասնութիւնը տարիներէ ի վեր խտրականութենէ եւ քաղաքական հետապնդումէ կը գանգատի: Շիի ընդդիմութիւնը սահմանադրական թագաւորութեան մը հաստատումը կը պահանջէ, սակայն մայրաքաղաքի Մարգրիտի հրապարակին վրայ նստացոյց կատարողներէն ոմանք սիւննի թագաւորութեան ջնջումը կը պահանջեն:
Պահրէյն Ուաշինկթընի համար յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ այդտեղ կը գտնուի ամերիկեան 5-րդ նաւատորմիղին կեդրոնատեղին:
- 0 Comments
- 3 views
- Tweet
Email
Print




