«1 ՄԱՐՏԻ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՁԵՌՆՏՈՒ ԷԻՆ ԱՆՈՆՑ, ՈՐՈՆՔ ԱՅՍՕՐ ԱՆԸՆԴՀԱՏ ԿԸ ՇԱՀԱՐԿԵՆ ԶԱՆՈՆՔ» ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆ
By adminx - Wed May 11, 7:03 am
- 0 Comments
- 43 views
- Tweet
Email
Print
Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան երէկ «Մետիամաքս» լրատու գործակալութեան տրուած բացառիկ հարցազրոյցին մէջ յայտարարեց, որ 1 մարտի ողբերգական իրադարձութիւնները ձեռնտու էին անոնց, որոնք այսօր անընդհատ կը շահարկեն զանոնք, բայց հաստատապէս թէ՛ ներկայ, թէ՛ նախորդ իշխանութիւններուն ձեռնտու չեն:
Ըստ անոր, իրավիճակը կտրուկ կերպով լարուեցաւ այն ժամանակ, երբ ընդդիմութիւնը հակաօրինական քայլերու դիմեց, երբ իրավիճակը բացարձակապէս չէր վերահսկուէր: «Արտակարգ իրավիճակը Երեւանի մէջ հաստատուեցաւ Հայաստանի սահմանադրութեան համաձայն եւ ճիշդ ըստ նախատեսուած ընթացակարգի, այսինքն` Ազգային ժողովի նախագահին եւ վարչապետին հետ այդ գծով համաձայնելէ ետք, ապա` հաստատուելով խորհրդարանին մէջ: Կը կարծեմ, որ այդ միջոցին պէտք էր աւելի կանուխ դիմել, թերեւս ալ կարելի ըլլար զոհերէն խուսափիլ», յայտարարեց Ռ. Քոչարեան:
Ըստ անոր, 1 մարտի դէպքերուն գործով հետաքննութիւնը կը կատարուի ոչ թէ արտակարգ դրութիւն հաստատելու իրաւական հիմքերուն, այլ մարդկային զոհեր պատճառած զանգուածային խռովարարութիւններու փաստերուն մասով: Ռ. Քոչարեան նշեց, որ խնդիրը այն է, որ հետաքննութիւնը չի յաջողիր բացայայտել մարդոց մահուան բոլոր հանգամանքները` յստակ անձերու պատասխանատուութեան կանչելու կամ ինքնապաշտպանութեան շարժառիթներով զանոնք արդարացնելու համար: Ան աւելցուց, որ այս հանգամանքը խոցելի կը դարձնէ իշխանութիւններուն դիրքերը հանրութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու աչքերուն: «Կ՛ենթադրեմ, որ անով կը բացատրուին նախագահին նշուած յանձնարարականները: Հետաքննութեան յստակ արդիւնքները պիտի կասեցնէին նիւթին բազմապիսի շահարկումները, որոնցմով ես խիստ շահագրգռուած եմ», ըսաւ ան եւ ընդգծեց, որ «ոչ ոք հրաման տուած է մարտական զէնքերով մարդոց վրայ կրակելու»:
Ըստ անոր, զոհերու առկայութիւնը «կա՛մ հանգամանքներու ողբերգական համադրութիւն էր, կա՛մ ալ ոմանց գիտակցուած գործողութիւն` իշխանութիւնները վարկաբեկելու նպատակով»:
Եթէ երկխօսութիւնը կը վերաբերի քաղաքական պայքարի քաղաքակիրթ կանոններու հաստատման, ապա Ռ. Քոչարեան ատիկա դրական նկատեց:
Ըստ անոր, ատիկա պիտի նպաստէ արդար ընտրութիւններու կայացման:
«Իսկ եթէ երկխօսութիւնը կ՛առնչուի քաղաքական պայքարի պատրանքի չափանիշներուն, ապա ատիկա, թերեւս, ընտրողներու թիկունքէն կատարուող գործարք է: Ատիկա ուղիղ ճամբայ է դէպի լճացում եւ փտածութեան աճ, քանի որ ընդդիմութիւնը անմիջապէս կը դադրի իր հիմնական առաքելութիւնը կատարելէ` դրդել իշխանութիւնները աւելի լաւ աշխատելու եւ զսպելու ախորժակը: Այդ գործարքին գինը ժողովուրդը պիտի վճարէ առանց անոր ալ իր սակաւ միջոցներով», յայտնեց Քոչարեան: Ան աւելցուց, որ ինք ընդամէնը հաւանական տարբերակները եւ հետեւանքները կը նկարագրէ, իսկ չի գիտեր, թէ յստակօրէն ի՛նչ կը կատարուի իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ:
ՇԱՐՄԱԶԱՆՈՎ ՉԻ ՄԵԿՆԱԲԱՆԵՐ
Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան բանբեր Էդուարդ Շարմազանով «Երկիր» օրաթերթին խնդրանքով անդրադառնալով Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի` «Մետիամաքս» լրատու գործակալութեան տուած հացազրոյցին, յայտնեց, որ երկրորդ նախագահը իր կարծիքը արտայայտած է, եւ ինք չի պատրաստուիր զանոնք մեկնաբանելու:
«Ինքն իր կարծիքը բազմաթիւ անգամներ ըսած է, հիմա ալ հանրութեան շատ յստակ ձեւով ներկայացուցած է զայն: Ես որեւէ ձեւով չեմ մեկնաբաներ երկրորդ նախագահին արտայայտած կարծիքները», ըսաւ ան:
- 0 Comments
- 43 views
- Tweet
Email
Print




