ՔԱՅԻՏԱ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԸՄԲՈՍՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՍՏԱՆՁՆԷ
By adminx - Tue May 10, 6:48 am
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print
«Եուրոփ 1» ձայնասփիւռի կայանը` վկայակոչելով ամերիկեան «ՍԱՅԹ ինթելիճընս կրուփ» կազմակերպութիւնը, որ կը հետեւի ահաբեկչական խմբաւորումներու համացանցային կայքէջերուն, կը յայտնէ, որ Մարոքի մէջ Քայիտայի կազմակերպութիւնը ստանձնած է արաբական աշխարհին մէջ տեղի ունեցող ժողովրդային ըմբոստութիւններուն պատասխանատուութիւնը:
«Արաբական աշխարհը ցնցող իրադարձութիւնները ոչ այլ ինչ են, քան սրբազան պատերազմի պտուղներէն մէկը: Այս հոլովոյթին մէջ առաջնակարգ դեր խաղաց շէյխը(Ուսամա պըն Լատեն «Ա.»)», ըսուած է կայքէջին վրայ զետեղուած յայտարարութեան մէջ:
- 0 Comments
- 13 views
- Tweet
Email
Print



