ԺԱՄԸ 12։50
- Վարչապետ Սաատ Հարիրի անձնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Սէուտական Արաբաիա։
- Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի վաղը պիտի այցելէ Թուրքիա, ուր ան պիտի քննարկէ շրջանային իրադարձութիւնները եւ երկկողմանի յարաբերութիւնները։
- Հանրապետութեան նախագահին այցելուներուն համաձայն, Լիբանան պոյքոթի պիտի ենթարկէ Լիպիոյ մէջ Արաբական վեհաժողովին իր մասնակցութիւնը։
- Պաթրունի մէջ լիբանանեան բանակի երկու անդամներ սպաննուած գտնուեցան զօրանոցին մէջ։ Միջադէպին շուրջ հետաքննութիւն բացուած է։
- Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ Արաբական աշխարհին մէջ տակաւին կան միամիտներ, որոնք իրենց գրաւը դրած են Միացեալ Նահանգնրու վրայ։
- «Լիուա» օրաթերթին հետ իր հարցազրոյցին մէջ նախագահ Սլէյման ակնարկելով իր դէմ մղուող պայքարին եւ յայտարարութիւններուն յայտնեց, թէ այդ յայտարարութիւնները անհեթեթ են եւ արժանի չեն պատասխանի. ան աւելցուց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ իր հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները ընթացքի մէջ են։
- Նախարարաց խորհուրդը պաշտօնական շրջաբերականով մը տեղեկացուց, թէ Ս. Զատկուան տօնին առիթով, յառաջիկայ 2, 3 եւ 5 ապրիլին պետական հաստատութիւնները փակ պիտի մնան։